\

Latest

Զարմանալի Լուրեր

«Լորիս»ի Ցեղը

«Լորիս», կապիկներու ընտանիքէն տեսակ մըն է, անոր ցեղը օր ըստ օրէ  կ’ոչնչանայ: Անգլիոյ  «Կենդանագիտութեան Յանձնախումբը» այս տեսակի կապիկներուն  ցեղը  տեւականացնելու  համար մեծ  ջանք կը թափեն: Հնդկաստանի մէջ ապրող  «Լորիս» ները ունին  25 սմ  հասակ եւ  կը  կշռեն  350  կրամ:

By Hayarpi

Զարմանալի Լուրեր

«Թիթան Արում»

Լոնտոնի մէջ կը գտնուի ծաղկեմշակութեան պարտէզ մը. հոն կը բուծանեն նաեւ «Թիթան Արում» անուն ծաղիկը: Այս ծաղիկը ունի 1.64 Մեթր բարձրութիւն . իր գարշելի հոտը կը սփռէ մօտ 800 Մեթր հեռաւորութեան:Գնդաձեւ տաքութեան պատճառով,այս տարի (2007) Փետրուարին  խաբկանքի մատնուեցաւ եւ ծաղկեցաւ: Բնականին մէջ, ան կը ծաղկէր 6 կամ  9

By Hayarpi

Զարմանալի Լուրեր

Բացառիկ Յատկութիւն

Աւստրալիոյ Մէլպուրն քաղաքին մէջ, թէնիսի ողիմպիականի ընթացքին՝փոքրիկ «Ռոքքօ»ն, ծծակ մը բերնին, ռաքէթ մըն ալ ձեռքին՝մարզադաշտ իջաւ եւ թէնիսի ելոյթ մը ունեցաւ: Իր բացառիկ  յատկութիւնը  գնահատուեցաւ  հանդիսականներուն երկար  ծափերովը:

By Hayarpi

Զարմանալի Լուրեր

«Իրվին»ի Աղջիկը

Համբաւաւոր  որսորդ  «Սթէվէ  Իրվին»  կը կրթէր կոկորդիլոսները: 2006’ի Սեպտեմբերին՝ երբ ծովուն մէջ վաւերական աշխատանք (Պէլկէսէլ)  կը տանէր, վաթօզ մը զինքը խայթեց ու թունաւորեց:Սթէվէ  ի   դարմանումը անկարելի եղաւ եւ ան մահացաւ խոր  ցաւերու մէջ: Սթէվէ  Իրվին ի  ութը տարեկան  եղող աղջիկը «Պինտի», կ’ուզէ հետեւիլ  իր հօրը ճամբէն:  Անոր

By Hayarpi

Զարմանալի Լուրեր

«Քահ-Քահ»ը

Անգլիոյ  «Քոլէժ  Օֆ  Լոնտոն»  Համալսարանի դասախօսներուն համաձայն՝ մարդոց  քահ-քահի ձեւով խնդալը փոխանցիկ է: Մարդկային ուղեղը երբ իր մօտ կը լսէ քահ-քահը, նոյն ձայնը տալու համար վարկեանական շարժման կանցնի: Իսկ՝ Լացն ու ճիչը  եւ յօրանջելը  քահ-քահէն աւելի ուշ կը փոխանցէ :

By Hayarpi

Զարմանալի Լուրեր

Ձուկը Ի՞նչպէս Եկաւ

« Պիլլ  Պրուքս »  անուն  անգլիացիի  մը տան ծխնելոյզէն ներս, ձուկ մը  ինկաւ: Ձուկը ողջ էր. Պրուքս ձուկը ջուրով լեցուն ամանի մը մէջ դրաւ  եւ զայն կերակրել սկսաւ հացի փշրանքով: Անունն ալ  «Վանտա» դրաւ:Միջոց  մը վերջ հասկցան, թէ մրտիմ մը զայն որսալէ յետոյ , փոխադրելու ատեն կտուցէն վար ձգած էր ակամայ:

By Hayarpi

Պատմութիւններ

Արժէքը Գիտնալ

Արժէքը  Գիտնալ         Ամրան արձակուրդը կը մօտենար. Պօղոս կ’ուզէր ձագուկ շնիկ մը գնել: Ծնողքին յօժարութեամբ պարպեց գանձանակը. որուն մէջ հաւաքած էր երկուհարիւր …: Ընտանի կենդանիներ վաճառող խանութէ մը ներս մտաւ եւ իր փափաքը յայտնեց վաճառորդին: Շատ սիրուն լակոտներ ցոյց տուին իրեն: Իւրաքանչիւրը կ’արժէր երեքհարիւր…: Անկիւն մը Պօղոս տեսաւ իր վիճակին

By Hayarpi

Պատմութիւններ

Սեւուկը

ՍԵՒՈՒԿԸ           Դաւիթ եւ քոյրը  յաճախ պտոյտներ կ’ընէին մօտակայ գիւղերը, ամրան կանուխ ժամերուն:           Անգամ մը կենդանիի սուր ճիչեր լսեցին առաւօտուայ անձայնութեան մէջ: Երբ մօտեցան  թուփի մը, տեսան նորածին լակոտներ: Անոնք իրարու վրայ կը մագլցէին վախ ու դողով: Հեռուէն լսուեցան մայր շնիկին հաջիւնները: -Հանգիստ ձգենք եւ վաղը անպայման կաթ բերենք անոնց.

By Hayarpi

Բանաստեղծութիւններ

Փոքրիկ Խոհարարը -1-

Փոքրիկ  Խոհարարը -1- Չսթլիկ  եմ պզտլիկ  եմ Կարդալ,  գրել  լաւ  գիտեմ. Հաշուել, երգել  ու  խաղալ Լաւ  գիտեմ  ես,  լաւ  գիտեմ: Ունիմ  գոգնոց  ու  գլխարկ Մաքուր  ձեռնոցներ  ճերմակ Ահա՛  դուք  ալ  կը  տեսնէք,  Խոհարար  եմ  խոհարար:  Օճախ,  շերեփ,  սան  ու  ջուր, Կ’եփեմ  շատ  համով  ապուր. Եթէ  քիչ  մըն  ալ  մեծնամ

By Hayarpi

Պատմութիւններ

Յուշկապարիկին Բախտը

/content/images/2021/02/hushgabarigin-paxti.mp3 ՅՈՒՇԿԱՊԱՐԻԿԻՆ  ԲԱԽՏԸ Լիալուսնի գիշեր էը, յուշկապարիկը յոգնած՝ ժայռին վրայ ելաւ: Ոսկեգոյն մազերը կը  ցոլանային լճին մակերեսը. ձկան պոչը եւ թեփերը արծաթի պէս կը փայլէին լուսնի լոյսին: Անձայն կու լար. մինչ հեռուն բլուրի մը վրայ վհուկ մը նստած զինքը  կը  դիտէր  ու  քրքիջներ   կ’արձակէր.

By Hayarpi

Գիտաղբիւր

Ծաղիկներու Աշխարհէն

ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒ   ԱՇԽԱՐՀԷՆ                   Ընկերոջս քեռայրըտ ծաղկեմշակութեամբ կը զբաղի: Ամէն  անգամ, որ ընկերուհիիս հետ տեսակցինք,զիս կը ստիպէ որպէսզի քեռայրին պարտէզը երթանք: Ան շատ լաւ գիտէ իմ սէրս  ու  հետաքրքրութիւնս  ծաղիկներուն  նկատմամբ:                 Անցեալ  օր աշխատութիւններս  մէկդի  թողուցի  ու  հեռախօսով  զինքը  փնտռեցի. Ըսելու համար թէ՝ քեռայրին  պարտէզը  այցելել կը  փափաքէի: Բարեբախտաբար  ինք  ալ

By Hayarpi

Պատմութիւններ

Երկրագործին Շողգամը

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾԻՆ  ՇՈՂԳԱՄԸ            Երկրագործ  մը,  արտին մէկ անկիւնը շողգամի հունտ մը ցանեց: Հողը բարեբեր էր. հունտը շուտ մը ծլաւ եւ կարճ ատենէն խոշոր շողգամ մը դարձաւ: Երկրագործը՝ -զոր գիւղացիները պապիկ կը կոչէին զինքը- ուզեց քաղել շողգամը. տերեւներէն ուժգին բռնեց ու քաշեց, սակայն  արմատներէն չթուլցաւ:  Զարմանք պատճառեց երկրագործին: Ինքզինք շատ ուժեղ կը

By Hayarpi