\

Զարմանալի Լուրեր

Ո՞վ... Ի՞նչ... Ո՞ւր... Ե՞րբ... Ի՞նչպէս... Ինչո՞ւ...

Զարմանալի Լուրեր

Հասի՛ր «Պաօ Վիշու»

Չնաստանի «Ֆուշուն»  անուն ծովային ընդունարանին մէջ երկու դլփիններ իրենց սահմանը շրջապատող կերպնկալ (բլասթիկ)  կտորները  կլլեցին:                             Անասնաբուժներ  գործողութեամբ հանել ուզեցին, բայց չյաջողեցան: Որովհետեւ  դլբիններուն ստամոքսը կը կծկուէր եւ թոյլ չէր տար գործիքներուն աշխատութեան:     Բժիշկները օգնութիւն խնդրեցին աշխարհի ամենաբարձր հասակին տէրը (2.36 Մ)  եղող «Պաօ Վիշու»էն:       Պաօ  Վիշուին թեւերն ալ

By Hayarpi

Զարմանալի Լուրեր

Սահնակը Ի՞նչպէս Սորվեցան Մուկերը

«Քիւրլի» անուն մուկը, Աւստրալիոյ ջուրերուն մէջ երբ սահնակ կ’ընէր իր ընկերներէն «Հէրի» , «Շոբցիչ» եւ «Պիւնսն» ի հետ, ժողովուրդը զարմանքի մատնեց:    Մուկերուն  տէրը Շայն Վիլմորդ իր տան լականին մէջ կրթած ու դաստիարակած էր զանոնք:

By Hayarpi

Զարմանալի Լուրեր

Հրդեհին Պատճառը

Անգլիացի  ընտանիքի մը տան մէջ հրդեհ մը կը ծագի: Հրդեհին պատճառը շատ հետաքրքրական  էր:Անոնք ունէին  ագուարիում մը, որուն մէջ երբ ձուկերը կը  ցատկռտէին, ջուրի կաթիլները  թրջեցին ելեկտրական կազմածը  եւ  բոցեր  արձակուեցաւ , որու  հետեւանքով կարասիները բռնկեցան…:

By Hayarpi

Զարմանալի Լուրեր

«Լորիս»ի Ցեղը

«Լորիս», կապիկներու ընտանիքէն տեսակ մըն է, անոր ցեղը օր ըստ օրէ  կ’ոչնչանայ: Անգլիոյ  «Կենդանագիտութեան Յանձնախումբը» այս տեսակի կապիկներուն  ցեղը  տեւականացնելու  համար մեծ  ջանք կը թափեն: Հնդկաստանի մէջ ապրող  «Լորիս» ները ունին  25 սմ  հասակ եւ  կը  կշռեն  350  կրամ:

By Hayarpi

Զարմանալի Լուրեր

«Թիթան Արում»

Լոնտոնի մէջ կը գտնուի ծաղկեմշակութեան պարտէզ մը. հոն կը բուծանեն նաեւ «Թիթան Արում» անուն ծաղիկը: Այս ծաղիկը ունի 1.64 Մեթր բարձրութիւն . իր գարշելի հոտը կը սփռէ մօտ 800 Մեթր հեռաւորութեան:Գնդաձեւ տաքութեան պատճառով,այս տարի (2007) Փետրուարին  խաբկանքի մատնուեցաւ եւ ծաղկեցաւ: Բնականին մէջ, ան կը ծաղկէր 6 կամ  9

By Hayarpi

Զարմանալի Լուրեր

Բացառիկ Յատկութիւն

Աւստրալիոյ Մէլպուրն քաղաքին մէջ, թէնիսի ողիմպիականի ընթացքին՝փոքրիկ «Ռոքքօ»ն, ծծակ մը բերնին, ռաքէթ մըն ալ ձեռքին՝մարզադաշտ իջաւ եւ թէնիսի ելոյթ մը ունեցաւ: Իր բացառիկ  յատկութիւնը  գնահատուեցաւ  հանդիսականներուն երկար  ծափերովը:

By Hayarpi

Զարմանալի Լուրեր

«Իրվին»ի Աղջիկը

Համբաւաւոր  որսորդ  «Սթէվէ  Իրվին»  կը կրթէր կոկորդիլոսները: 2006’ի Սեպտեմբերին՝ երբ ծովուն մէջ վաւերական աշխատանք (Պէլկէսէլ)  կը տանէր, վաթօզ մը զինքը խայթեց ու թունաւորեց:Սթէվէ  ի   դարմանումը անկարելի եղաւ եւ ան մահացաւ խոր  ցաւերու մէջ: Սթէվէ  Իրվին ի  ութը տարեկան  եղող աղջիկը «Պինտի», կ’ուզէ հետեւիլ  իր հօրը ճամբէն:  Անոր

By Hayarpi

Զարմանալի Լուրեր

«Քահ-Քահ»ը

Անգլիոյ  «Քոլէժ  Օֆ  Լոնտոն»  Համալսարանի դասախօսներուն համաձայն՝ մարդոց  քահ-քահի ձեւով խնդալը փոխանցիկ է: Մարդկային ուղեղը երբ իր մօտ կը լսէ քահ-քահը, նոյն ձայնը տալու համար վարկեանական շարժման կանցնի: Իսկ՝ Լացն ու ճիչը  եւ յօրանջելը  քահ-քահէն աւելի ուշ կը փոխանցէ :

By Hayarpi

Զարմանալի Լուրեր

Ձուկը Ի՞նչպէս Եկաւ

« Պիլլ  Պրուքս »  անուն  անգլիացիի  մը տան ծխնելոյզէն ներս, ձուկ մը  ինկաւ: Ձուկը ողջ էր. Պրուքս ձուկը ջուրով լեցուն ամանի մը մէջ դրաւ  եւ զայն կերակրել սկսաւ հացի փշրանքով: Անունն ալ  «Վանտա» դրաւ:Միջոց  մը վերջ հասկցան, թէ մրտիմ մը զայն որսալէ յետոյ , փոխադրելու ատեն կտուցէն վար ձգած էր ակամայ:

By Hayarpi